Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներ, Բարեմաղթութիւններս ձեր բոլորին Սուրբ Յարութեան Տօնին առթիւ։

Հակառակ անոր, որ ներկայիս պարտաւոր ենք մնալ մեր տուներէն ներս, սակայն բարեբախտաբար հնարաւորութիւնը ունինք աշխարհի հետ առցանց կապուելու։

Այս Սուրբ շաբթուայ ընթացքին Հայկական եկեղեցիները ուղիղ եթերով կը սփռեն Աւագ շաբթուան արարողութիւններն ու Սուրբ Յարութեան Պատարագը։

Որպէս Հայ քրիստոնեայ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ միատեղ մասնակից դառնալ այս Սուրբ արարողութիւններուն։

Ըլլանք լաւատես եւ յուսանք, որ այսօրուայ մարտահրաւէրները մօտիկ ապագային վերջ կը գտնեն։

Սաղմոս ՂԱ 91.- «Բարձրեալի ծածկոցի տակ բնակողը՝ Ամենակարողի շուքին տակ պիտի հանգչի։ Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, չար ժանտամահէն։ Ան կը ծածկէ քեզ իր փետուրներովը, անոր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս. Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի»։

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ, Քրիստոս Յարեա՜ւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի:

www.facebook.com/TorontoArmenianChurch

www.hayavedtoronto.com

www.facebook.com/stmarytoronto

www.facebook.com/StGregoryArmenianCatholicChurchOfToronto

նաև առ կից կը գտնէք նոր հղումներու/կապերու ցանկ։

Ընդունեցէք մեր ջերմ բարեմաղթութիւնները՝

Սիրով՝ Տնօրէնութիւն և անձնակազմ